Перейти к содержимому
Обложка трека Hay lezu — Garikrn
3:42

Трек

Garikrn Hay lezu

Альбом · El Kron · 2026 · Электронная

Скачать

Текст песни

Քեզ, հայ լեզու, կը սիրեմ մըրգաստանի մը նըման
Մեր անցեալին թանձրախիտ ստուերներուն մէջ կարծես
Մէյ մէկ պըտուղ՝ քու բոլոր բառերդ ինծի կ՚երեւան
Որոնց մեջէն կը քալեմ ու կը քաղեմ զանոնք ես

Մրգաստանի մը նըման կը սիրեմ քեզ, հայ լեզու
Մեր հայրենի պալատէն, պարտէզներէն մընացորդ
Դալարագեղ դուն պուրակ, որ դիմացար դարերու
Եւ կը մընաս միշտ առոյգ, հին աւիշով կենսայորդ

Ծառերուդ մէջ հովանուտ կ՚երթամ խինդով մ՚անսահման
Արմատներուդ, ճիւղերուդ վրայ նայելով հիացիկ
Զարմանալով թէ ինչպէս դուն մընացիր՝ երբ սաստիկ

Քամին քու շուրջըդ փըչեց եւ տապալեց ամէն բան
Մէյ մէկ պըտուղ գոյնըզգոյն՝ բոլոր բառերըդ ահա
Հիւթեղ բառերըդ՝ զոր որքան հասունցուցին արեւներ
Բառերըդ որքան այս պահուս շըրթանցս վրայ եմ բռներ
Բառերըդ որ քիմքըս կ՚օծեն եւ կ՚սփոփեն սիրտս հիմա

0:00 0:00